2014-08-28 12:01:30

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Քահանայապետական անուանումներ


Հինգշաբթի, 28 օգոստոսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն որմէ ետք ընդունեց Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Սալվաթորէ Ֆիզիքելլան։ Մինչ երէկ ` 27 օգոստոսի երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հոնք Քոնկի երբեմնի եպիսկոպոսը` Կարտինալ Ժոզէֆ Զէն Զէքիունը։Իսկ վաղը` ուրբաթ 29 օգոստոսին, Սրբազան Հայրը, միշտ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ կ՛ընդունի Կազայի մէջ ժողովրդապետ` Հայր Եորկէ Հերնանտէզը։
Յայտնենք թէ յառաջիկայ երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2014-էն սկսեալ, դարձեալ կարելի պիտի ըլլայ մասնակցիլ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագներուն, որոնք ամառնային շրջանի առթիւ երկու ամսուայ համար ընդհատուած էին։
Միշտ երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերին, կը վերսկսին նաեւ Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական կանոնաւոր գործունէութիւնները, արդարեւ յետմիջօրէին, Ան` Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ պիտի հանդիպի` ''Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի խաղի միջկրօնական հաւաքի'' մասնակցող մարզիկներուն։

Քահանայապետական անուանումներ։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 28 օգոստոսին, ընդունելով Մատրիտի աւագ թեմի առաջնորդ` Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Ռօուքօ Վարէլայի, տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը, անոր տեղ անուանեց Գերապայծառ Քարլոս Օսորօ Սիէրրան, որ մինչեւ օրս կը կառավարէր Վալէնսայի թեմը։ Միեւնոյն ատեն Սրբազան Հայրը Կարտինալ Անթոնիօ Քանիզարէս Լովերան` Աստուածային Պաշտամունքի Ժողովի կառավարիչը անուանեց Վալէնսայի նոր առաջնորդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.